Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ առաջատար դիրք զբաղցնել 1 մլն շունչի հաշուով «Քորոնա» ժահրով վարակման ցուցանիշով: Ըստ worldometers.info կայքի՝ այդ ցուցանիշը 2 յունիսին կը կազմէ 3378:
Մինչդեռ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն մէջ այն համեմատաբար շատ աւելի ցած է: Իրանի մէջ, ուր վարակման նոր դէպքերու «մրցանշային» աճ գրանցուած է վերջին երկու ամսուան ընթացքին, 1 մլն շունչի հաշուով վարակման տուեալը 1878 է, Թուրքիոյ մէջ՝ 1965, Ատրպէյճանի՝ 586, Վրաստանի` 200, իսկ Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ՝ 2904:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ