image

Ծեծի ենթարկուած հայ ենթասպայի իրավիճակը ծանր

Ծեծի ենթարկուած հայ ենթասպայի իրավիճակը ծանր

Աւելի քան 8 ամիս ծեծի հետեւանքով մահաքունի մէջ գտնուող փոխգնդապետ Արա Մխիթարեանի առողջական վիճակը վատթարացած է: Այս մասին NEWS.am-ին ըսած է Արա Մխիթարեանի եղբայր` Կարէն Մխիթարեանը: «Ան արիւն կորսնցուցած է, ճնշումի հետ կապուած խնդիրներ առաջացած են, հիմա բժիշկները կը պայքարին անոր կեանքին համար»,-ըսած է ան:

Նշենք, որ մինչ փոխգնդապետի վիճակի վատթարացումը, բժիշկները յայտնած էին, որ մայիսի վերջը հնարաւոր կ'ըլլայ փոխգնդապետը տեղափոխել տուն եւ տան մէջ կազմակերպել անոր խնամքը:

Յիշեցնենք, որ 6 մարտին, Վերաքննիչ քրէական դատարանը բաւարարած էր փոխգնդապետը ծեծի ենթարկելու գործով մեղադրեալ Զաւէն Գրիգորանը ազատ արձակելու՝ փաստաբանի ներկայացուցած միջնորդութիւնը եւ մեղադրեալը 1 միլիոն 500 հազար դրամ գրաւով ազատ արձակուած էր: Արա Մխիթարեանը 8 ամիսէ աւելի է` մահաքունի մէջ է։

Այս գործով մեղադրանք առաջադրուած է Վայոց Ձորի նախկին մարզպետի օգնական Յարութիւն Գրիգորեանին, մեղադրեալի կարգավիճակ ունի նաեւ անոր եղբայր՝ Զաւէն Գրիգորեանը։ Միջադէպէն մէկ շաբաթ անց Վայոց Ձորի մարզպետի պաշտօնէն հրաժարական տուած էր Տրդատ Սարգսեանը, որ, ըստ շրջանառուող տեղեկութիւններու եւ որոշ վկայութիւններու՝ դէպքի վայրը եղած է։