image

Լոս Անճելոս. հայկական շարք մը հաստատութիւններ անկարգութիւններու ընթացքին` վնասուած

Լոս Անճելոս. հայկական շարք մը հաստատութիւններ անկարգութիւններու ընթացքին` վնասուած

Լոս Անճելոսի հայկական ձեռնարկութիւնները Ճորճ Ֆլոյտի մահուան հետեւանքով յարուցուած անկարգութիւններու պատճառով աւերուած եւ կողոպտուած են:

Լրագրող Ուոլի Սարգիսեանի Facebook-եան էջին կատարուած գրառման համաձայն՝ գիշերը աւերուած եւ կողոպտուած է հայ ընտանիքի 30-ամեայ պիզնեսը:

Associated Press գործակալութիւնը նոյնպէս յայտնած է Լոս Անճելոսի մէջ անկարգութիւններու  պատճառած վնասի մասին՝ Ալան Քոքոզեանի կօշիկի խանութը աւերուած եւ կողոպտուած է:

Գործակալութիւնը նշած է, որ Քոքոզեանը ներխուժողներէն խնդրած է չվնասել իր պիզնեսը, բայց շիշով հարուածած են անոր գլխուն:

«Այդ քաղաքական բողոք չէր»,- նշած է Քոքոզեանը: