image

210 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5896-ի

210 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5896-ի

Հայաստանի մէջ, 1 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 9402 դէպք, որոնցմէ 3402 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5896 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 58 668 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 210 նոր դէպք եւ 16 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այսօր արձանագրուած է 8 մահուան դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 139):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  81, 63, 65, 67, 81 տարեկան տղամարդիկ եւ 73, 82, 69 տարեկան կանայք: Բացի վերջինէն, մնացած բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:

Արձանագրուած է մահուան եւս 5 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 55 է: