image

Պրազիլիա. Վարակը կը շարունակէ մոլեգնիլ

Պրազիլիա. Վարակը կը շարունակէ մոլեգնիլ

Պրազիլի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձանց թիւը 1 օրուան մէջ աւելցած է մրցանշային 26 417 հազարով՝ հասնելով 438 238-ի: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС-ը՝ յղում տալով հինգշաբթի երեկոյեան թարմացուած պաշտօնական վիճակագրութեան:

1 օրուան կտրուածքով նախորդ մրցանշային ցուցանիշը 20 803-ն էր: Այն գրանցուած էր 22 մայիսին: Կը հաղորդուի, որ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահերու թիւը վերջին 1 օրուան ընթացքին աւելցած է 1 156-ով՝ դառնալով ընդհանուր 26 754:

Կը հաղորդուի, որ Պրազիլի մէջ «Քորոնա» ժահրի բռնկման օճախը երկրի հարաւ-արեւելեան նահանգի մէջ է՝ Սան Փաուլոյի եւ անոր համանուն մայրաքաղաքին մէջ, ուր կը բնակի աւելի քան 21 միլիոն մարդ: