image

Մարտի սկիզբէն Եւրոպայի 24 երկիրներու մէջ անցեալ տարուաn համեմատ մահացութիւններու թիւի աճ գրանցուած է

Մարտի սկիզբէն Եւրոպայի 24 երկիրներու մէջ անցեալ տարուաn համեմատ մահացութիւններու թիւի աճ գրանցուած է

Մարտի սկիզբէն եւրոպական 24 երկրի մէջ սովորականէն 159.000 հազարով աւելի շատ մարդ մահացած է. մահուան դէպքերու մեծ մասը կապուած է «Քորոնա» ժահրի հետ: Այս մասին յայտարարած է ԱՀԿ արտակարգ իրավիճակներու ներկայացուցիչ Քեթի Սմոլուոտը, կը փոխանցէ Reuters-ը:

Այս պահի դրութեամբ Եւրոպայի մէջ աւելի քան 2 միլիոն մարդ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Մահացած է աւելի քան 175 000 մարդ:

Չնայած, որ մահացութեան բարձր ցուցանիշը հաշուի կ'առնէ մահացութեան բոլոր պատճառները, Սմոլուոտը յայտարարած է, որ մահուան դէպքերը կը մատնանշեն COVID-19-ի մահացու ազդեցութիւնը: «Մենք շատ պարզ կը տեսնենք, որ այդ երկիրներուն մէջ մահացութեան դէպքերու մեծ թիւը կը համընկնի COVID-19-ի փոխանցման գագաթնակէտի հետ,- նշած է ան: Սա կը խօսի այն մասին, որ այդ դէպքերու զգալի մասը կապուած է COVID-19- ի հետ»:

Ըստ անոր՝ այնպիսի երկիրները, ինչպիսիք են Գերմանիան, Զուիցերիան եւ այլն, որոնք կրնան մեղմել սահմանափակումները, պէտք է հիւանդութիւններու յայտնաբերման, քննութեան յուսալի համակարգեր ունենան՝ հնարաւոր «երկրորդ ալիքը» կանխելու համար: