image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»էն մահացած է հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի հաշուապահ՝ Մարկարիթա Խաչատրեան

«Քորոնա»էն մահացած է հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի հաշուապահ՝ Մարկարիթա Խաչատրեան

Այսօր կեանքէն հեռացած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գլխաւոր հաշուապահ Մարկարիթա Խաչատրեանը: 10 օր պայքարելով «Քորոնա» ժահրի դէմ` այսօր տիկին Խաչատրեանը մահացած է Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Կը ցաւակցիմ մեր գործընկերոջ ընտանիքին, հիմնարկի անձնակազմին անժամանակ մահուան կապակցութեամբ:

Մի՛ հաւատաք մոլորեցնողներուն, կրեցէ՛ք դիմակ, պահեցէ՛ք հեռաւորութիւնը, եղէ՛ք առողջ»,- գրած է ան: