image

Գահիրէի «Եագուպեան» շէնքի բնակիչները իրականացուցած են եգիպտական յեղափոխութիւնը. Ամերիկեան ամսագիր

Գահիրէի «Եագուպեան» շէնքի բնակիչները իրականացուցած են եգիպտական յեղափոխութիւնը. Ամերիկեան ամսագիր

Այսօր եգիպտացի ժամանակակից ու  ինքնատիպ գրողներէն մէկուն՝ Ալաա ալ-Ասուանիի ծննդեան օրն է: Ան շարք մը գիրքերու  հեղինակն է, որոնցմէ  հայ ընթերցողին ծանօթ է հայերէն թարգմանուած «Եագուպեան Շէնքը» վէպը, որ ժամանակին մեծ աղմուկ հանած է Եգիպտոսի եւ առհասարակ, արաբական աշխարհին մէջ: Գրաքննադատները կ'ըսեն, որ արաբ գրողին գիրքը երկու մասի բաժնած էր Եգիպտոսը. երիտասարդներն ու ազատ մտածողութեամբ եգիպտացիները ոգեւորութեամբ ընդունած էին Ալաա ալ-Ասուանիի այս գիրքը, որ թարմ շունչ տարածած էր երկրին մէջ, կար նաեւ մեծ զանգուած մը, որ անթոյլատրելի կը համարէր գիրքին մէջ նկարագրուած բաց տեսարաններն ու եգիպտական հասարակութեան համար անընդունելի երեւոյթներն եւ ազատութեան անսպասելի ձգտումը: Ոմանք նկատած են, որ Ալաա ալ-Ասուանիի գրականութիւնը ներշնչուած է սպանական գրականութենէն: Գրողը սպանական գրականութիւնը ուսումնասիրած է Մատրիտի մէջ:

Իսկ իրադարձութիւնները, որոնք կը նկարագրուին «Եագուպեան Շէնքը» գիրքին մէջ,  տեղի կ'ունենան 1930-ականներուն, Եգիպտոսի միլիոնատէրներէն մէկը եղած հայ՝ Յակոբ Եագուպեանի կառուցած շէնքին մէջ, որ այսօր ալ կանգուն է, եւ որուն վրայ բացի լատինատառէն նաեւ արաբերէնով գրուած է անոր ազգանունը՝ («Պինաեաթ Եաղքուպեան» -խմբ.Եագուպեան շէնք):   Այդ շէնքին մէջ, բազմաթիւ գրասենեակներու եւ արհեստանոցներու շարքին,  ատամնաբուժարան ունի նաեւ  Ալաա ալ-Ասուանին, որ իր հիմնական մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ է, այսօր ալ կ'աշխատի որպէս ատամնաբոյժ եւ ազատ ժամերուն կը ստեղծագործէ:  Պեսթսելլըր (ամէնէն շատ վաճառուող) եղած է ոչ միայն  «Եաքուպեան շէնքը»,  նաեւ՝  գրողի  «Շիքակօ» վէպը, ուր կը նկարագրէ Շիքակօ ապրած իր տարիները:

«Եագուպեան շէնքը» թարգմանուած է 30-էն աւելի լեզուներու։ 2006-ին, վէպին հիման վրայ նկարահանուած է նոյնանուն գեղարուեստական ֆիլմ՝ եգիպտական շարժապատկերի համար աննախադէպ պիւտճէով՝ 20 միլիոն եգիպտական ֆունտ (3 ու կէս միլիոն ԱՄՆ տոլար)։ 2007-ին Եգիպտոսի մէջ նկարահանուած է նոյնանուն տեսաշար, որ ցուցադրուած է արաբական 20-էն աւելի երկիրներու պատկերասփիւռի կայաններով:

Ալաա ալ-Ասուանին նաեւ քաղաքական աքթիւիսթ է: Տեսակէտներ կան, որ եգիպտական յեղափոխութեան համար փողոց դուրս ելած մարդոց մեծ մասը ոգեշնչուած է  Ալաա ալ-Ասուանիի գիրքերէն: Գրողը ինքն ալ խոստվանած է, որ  2011-ի  յեղափոխութեան օրերուն, փողոցը մարդիկ կը մօտենային իրեն եւ կ'ըսէին, որ կարդացած են իր գիրքը եւ ոգեշնչուած:

Ամերիկեան Foreign Policy  ամսագիրը  գրած է, որ եգիպտական յեղափոխութիւնը Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ իրականացուցած են «Եագուպեան» շէնք բնակող եւ աշխատող տարբեր խաւերու պատկանող եգիպտացիները, որոնք այդ շէնքին մէջ տեսած են ամէն ինչ եւ փողոց  դուրս ելած: Ամսագիրը շէնքին կեանքը կը համարէ Եգիպտոսի ճշգրիտ մանրապատկերը, ուր սիրոյ, նուիրումի, աշխատասիրութեան ու ազնուութեան կողքին կը բարգաւաճին ահաբեկչութիւնը, կաշառակերութիւնը եւ դաւաճանութիւնը:

Ալաա ալ-Ասուանիի անունը ընդրգրկուած է  աշխարհի 500 ամենաազդեցիկ իսլամներու եւ 2011-ի աշխարհի 100 մեծ մտածողներու շարքին:

Այսօր Ալաա ալ-Ասուանին դարձաւ 63 տարեկան: Ան կը շարունակէ  ստեղծագործել:

 


«Եագուպեան» շէնքը

 


«Անտարես» հրատարակչութիւնը 2002-ին «Օտարագիր գրողներ» մատենաշարով թարգմանած եւ  հրատարակած է Ալաա ալ-Ասուանիի նշանաւոր գիրքը