image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի Տագնապ. Մահացածներէն մին նոր ծննդաբերած մայրիկ է

«Քորոնա»ի Տագնապ. Մահացածներէն մին նոր ծննդաբերած մայրիկ է

Հայաստանի մէջ, 25 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 7113 դէպք, որոնցմէ 3145-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3842 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 51 594 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 452 նոր դէպք եւ 81 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 87 (աւելցած է եւս 6-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 85 (կին), 61 (տղամարդ), 58 (տղամարդ), 69 (տղամարդ), 86 (կին) եւ 67 (տղամարդ)  տարեկան, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 6 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Ընդհանուր դէպքերու թիւը հասած է 39-ի։ 

Նշենք, որ այլ պատճառով մահերէն մէկը, ցաւօք, մայրական մահ է։ 31-ամեայ կնոջ մօտ ծննդաբերութենէն 5 օր անց, նախնական ախտորոշմամբ, զարգացած է թոքային զարկերակի մէջ արեան թանձրացում, որուն հետեւանքով կինը յանկարծամահ եղած է։ Մահուան վերջնական պատճառը պարզ կը դառնայ դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք։ Նշենք, որ սա այս տարուան մայրական մահուան առաջին դէպքն է։