image

Լոս Անճելոս-Ամսթրտամ-Մինսք-Երեւան յաջորդ չուերթը՝ 30 մայիսին

Լոս Անճելոս-Ամսթրտամ-Մինսք-Երեւան յաջորդ չուերթը՝ 30 մայիսին

23 Մայիսին Լոս Անճելոսէն Երեւան ուղեւորուած է եւս 56 ՀՀ քաղաքացի՝ Լոս Անճելոս- Ամսթրտամ-Մինսք-Երեւան երթուղիի միջոցով, կը յայտնեն  Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն:
Հիւպատողութեան  եւ Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան համատեղ ջանքերու շնորհիւ հնարաւոր դարձած է փոխկապակցել երկու օդանաւային ընկերութիւններու չուերթները։ Այդ չուերթները իրականացնող KLM եւ Belavia ընկերութիւններուն հետ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններու շնորհիւ ՀՀ քաղաքացիները Ամսթրտամի մէջ շենկէնեան արտօնագրի կարիք չեն ունենար եւ կ'օգտուին տարանցիկ գօտիէն։

Այս երթուղիով ՀՀ քաղաքացիներու վերադարձը Հայաստան կը կազմակերպուի 2 մայիսէն՝ ամենշաբաթեայ պարբերականութեամբ։ Արդէն վերադարձած է 121 ՀՀ քաղաքացի։
ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ հիւպատոսութեան աշխատակիցները Լոս Անճելոսի միջազգային օդակայանին մէջ իւրաքանչիւր թռիչքէ առաջ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն կազմակերպչական հարցերով, ինչպէս նաեւ մեկնողներուն կը ներկայացնեն ՀՀ պարէտի ծանուցագիրը Հայաստան հասնելուն պէս ինքնամեկուսացման պարտաւորութեան մասին։

Լոս Անճելոս-Ամսթրտամ-Մինսք-Երեւան յաջորդ չուերթը տեղի պիտի ունենայ 30 մայիսին։