image
Հրատապ լուրեր:

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի հանդիպումը Արցախի նորընտիր նախագահին հետ

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի հանդիպումը Արցախի նորընտիր նախագահին հետ

22 Մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի հանդիպումը Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։

Վազգէն Եագուպեանը, փոխանցելով ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամներու բարեմաղթանքները, կրկին անգամ շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը համապետական ընտրութիւններուն յաղթանակի եւ նախօրէին պաշտօնը ստանձնելու առթիւ։

Նախագահ Յարութիւնեանը կարեւորած ու շնորհակալութիւն յայտնած է ՀԲԸՄ-ի՝ տարիներ ի վեր Արցախի հետ ունեցած սերտ համագործակցութեան համար, եւ նշած, որ հանրապետութեան իշխանութիւնները այսուհետեւ եւս պատրաստ են իրենց գործուն աջակցութիւնը բերել ՀԲԸ Միութեան ծրագրերու շարունակականութեան ապահովման:

Ներկայացնելով Արցախի մէջ ՀԲԸՄ-ի կողմէ իրականացուող տարաբնոյթ ծրագիրները` Վազգէն Եագուպեան հաւաստիացուցած է, որ անոնք բոլոր ուղղութիւններով ընդլայնման ներուժ ունին:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային առաւել մանրամասն քննարկելու նոր հնարաւորութիւնները։