image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի Տագնապ. Ռուսաստանէն եւ Սուրիայէն դէպի Երեւան 6 թռիչքներ

«Քորոնա»ի Տագնապ. Ռուսաստանէն եւ Սուրիայէն դէպի Երեւան 6 թռիչքներ

ՀՀ քաղաքացիական օդանաւային երթեւեկութեան կոմիտէն հրապարակած է Ռուսաստանի տարբեր քաղաքներէն եւ Սուրիայէն մինչեւ 29 մայիս դէպի Երեւան կայանալիք 6 չուերթի օրերն ու ժամերը։  Այս մասին յայտնած են քաղաքացիական օդանաւային երթեւեկութեան կոմիտէէն։

«Պարէտի ցուցումով ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէն պիտի ուղեկցի ժամանած ուղեւորներուն դէպի ինքնամեկուսացման վայրեր, այսինքն՝ ուղեւորներու կողմէ նախապէս տրուած հասցէներ։ Ուստի, կը խնդրենք ժամանող ուղեւորներու հարազատներէն անյարմարութիւններէ զերծ մնալու նպատակով օդակայան չգալ»,- կը տեղեկացնեն կոմիտէէն։

23 Մայիսին պիտի իրականացուի Երեւան-Վորոնեժ-Երեւան չուերթը Aircompany Armenia ընկերութեան կողմէ (Երեւանէն պիտի մեկնի ժամը 12:00, ժամանում դէպի Երեւան ժամը 17:20):

23 Մայիսին պիտի իրականացուի Քրասնոտար-Երեւան չուերթը Azimuth ընկերութեան կողմէ (ժամանում 17:40): 25 Մայիսին պիտի իրականացուի Մոսկուա-Երեւան չուերթը Red Wings ընկերութեան կողմէ (ժամանում 21:10): 27 Մայիսին պիտի իրականացուի Դամասկոս-Երեւան չուերթը Cham Wings ընկերութեան կողմէ (ժամանում 00:05): 27 Մայիսին պիտի իրականացուի Ս. Փեթերսպուրկ-Երեւան չուերթը Ural ընկերութեան կողմէ (ժամանում 19:30): 29 Մայիսին պիտի իրականացուի Մոսկուա-Երեւան չուերթը Red Wings ընկերութեան կողմէ (ժամանում 21:10):

Արտակարգ դրութեան յայտարարումէն ի վեր՝ 6 մայիսի դրութեամբ, Հայաստան վերադարձած է աւելի քան 23 հազար ՀՀ քաղաքացի։