image
Հրատապ լուրեր:

«Ծնունդդ շնորհաւոր իմ հայրիկ»Սեդա Ազնաւուրի գրառումը

«Ծնունդդ շնորհաւոր իմ հայրիկ»Սեդա Ազնաւուրի գրառումը

Մեծն շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրը այսօր պիտի դառնար 96 տարեկան։ Մայէսթրօն, որ միւս կատարողներէն կը տարբերէր իր խորութեամբ ու մարդոց հոգիի խորքը մտնելու կարողութեամբ, կը շարունակէ մնալ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ։

Հօր ծննդեան օրուան առիթով Facebook-եան էջին տեսանիւթ հրապարակած է անոր դուստրը՝ Սեդա Ազնաւուրը։ Շանսոնիէի երգի հնչիւնները կ'ուղեկցուին արխիւային նկարներով։ «Ծնունդդ շնորհաւոր, հայրիկ»,- հրապարակումը մակագրած է Շարլ Ազնաւուրի դուստրը։

Սեդա Ազնաւուրը, ի դէպ, յաճախ կը կիսուի մեծանուն հայու վերաբերեալ հրապարակումներով։ Անոր էջին կարելի է ինչպէս ընտանեկան, այնպէս ալ շանսոնիէի գործունէութեան վերաբերող բազմաթիւ գրառումներ, տեսանիւթեր ու լուսանկարներ գտնել։