image

Հայաստանի մէջ ինքնաշարժներու ներմուծումը նուազած է

Հայաստանի մէջ ինքնաշարժներու ներմուծումը նուազած է

2020-ի առաջին չորս ամիսներուն Հայաստան ներմուծուած ինքնաշարժներու թիւը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ կրճատուած է շուրջ 21 անգամ։ Այս մասին NEWS.am–ը տեղեկացած է՝ ամփոփելով Պետական եկամուտներու կոմիտէի կողմէ տրամադրուած տուեալները։ Նշենք, որ այս տարի ամէնէն շատ ինքնաշարժներ ներկրուած են Ռուսաստանէն, Ճափոնէն, Միացեալ նահանգներէն:

Նշենք, որ 2019-ի առաջին չորս ամիսներու ընթացքին, երբ ԵԱՏՄ շրջանագիծէն ներս Հայաստանի համար կը գործէին արտօնեալ մաքսատուրքեր, Հայաստան ներմուծուած ինքնաշարժներու ընդհանուր թիւը 33577 էր։ Նոյն ժամանակահատուածին ներմուծուած ինքնաշարժներու մաքսային արժէքը կազմած է շուրջ 45,4 միլիառ  դրամ, իսկ վճարուած մաքսատուրքի արժէքը 3,5 միլիառ դրամ։

Իսկ 2020-ի առաջին չորս ամիսներուն Հայաստան ներմու ծուած է 1603 ինքնաշարժ (նախորդ տարուան համեմատ նուազած է 21 անգամ), որոնց մաքսային արժէքը կազմած է շուրջ 9,8 միլիառ դրամ (4,6 անգամ աւելի քիչ, քան նախորդ տարի) եւ վճարուած է շուրջ 404,9 միլիոն ՀՀ դրամ (8,7 անգամ աւելի քիչ) մաքսատուրք։

Յատկանշական է, որ 2019 յունուար–ապրիլ ամիսներու ընթացքին Ռուսաստանէն Հայաստան ներկրուած է ընդամէնը 221 ինքնաշարժ, իսկ այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը կազմած է 653։ Կը պարզուի, որ այս տարի՝ մաքսատուրքերու արտօնութեան վերացումէն ետք շուրջ երեք անգամ աւելցած է Ռուսաստանէն ինքնաշարժներու ներկրումը։ Եթէ վերջին տարիներուն մեր հայրենակիցներէն շատերը կը նախընտրէին ինքնաշարժներ ներմուծել Միացեալ նահանգներէն, ապա մաքսատուրքերու դրոյքաչափերու բարձրացումէն ետք ԱՄՆ–էն բերուած ինքնաշարժներու թիւը եւս շեշտակի նուազած է։ Մասնաւորապէս, եթէ նախորդ տարուան առաջին չորս ամիսներուն Միացեալ նահանգներէն ներմուծուած է 13504 ինքնաշարժ, ապա այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը կազմած է 235 (57,5 անգամ պակաս) ։

Յիշեցնենք, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան՝ «Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին» 2014 թուականի 29 մայիսի պայմանագրին միանալու մասին» պայմանագրի 4–րդ յաւելուածի համաձայն՝ 2020-ի յունուարէն երրորդ երկրէ Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածք անձնական օգտագործման համար ինքնաշարժ ներմուծելու համար մաքսատուրքերը կը հաշուարկուին միասնական դրոյքաչափով։