image

Այսօր Հռոմի Պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 100-ամեակն է. Հայասէր Պապը

Այսօր Հռոմի Պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 100-ամեակն է. Հայասէր Պապը

Այսօր Վատիկանի եւ ամբողջ կաթոլիկ աշխարհի մէջ կը նշուի Հռոմի Պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 100-ամեակը: Առաւօտեան Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսը պատարագ մատուցած է Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գտնուող Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի դամբարանի խորանին վրայ, որ հեռարձակուած է ուղիղ եթերով:  Այսօր նաեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծննդավայր Լեհաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուած է Լեհաստանի եպիսկոսպոսներու նամակը, որ յատուկ պատրաստուած էր առաջին լեհ Հռոմի Պապի 100-ամեակի առթիւ: Նամակին մէջ նշուած է համաճարակի այս օրերուն Հռոմի Պապի պատգամներուն դարձեալ անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս անոր նշանաւոր խօսքը. «Մի վախնաք»: 

 


 

Հռոմի Պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 100-ամեակը պիտի նշուի բազմաթիւ միջոցառումներով, համերգներով, Վատիկանի մէջ  լոյս տեսած է «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-100 տարի. Խօսքեր եւ լուսանկարներ» խորագրով գիրքը: 

100-ամեակի առթիւ հայութիւնը կը յիշէ Հռոմի Պապի հայասիրութիւնը: Ան առաջին Հռոմի Պապն էր, որ ճանչցած է հայոց ցեղասսպանթիւնը: 2001-ին Հռոմի Պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ն այցելած է Հայաստան, այցելած է Ծիծեռնակաբերդ:  Հայաստանի մէջ Հռոմի Պապը յայտնած է իր հիացմունքն ու վաղեմի սէրը՝ հայ ժողովուրդի հանդէպ, նշելով, որ հայերուն շատ վաղուց կը ճանչնայ, դեռ դպրոցական տարիներէն՝ իր հայ դասընկերոջ միջոցով: «Հայասէր Հռոմի Պապ» տիտղոսը ան վաստակած է դեռ 1979-ին, երբ ընտրուելէն մէկ տարի ետք այց կատարած է Թուրքիա, ուր կաթոլիկ հայ համայնքի հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտած է իր սէրը հայ ժողովուրդի հանդէպ: Ան բազմաթիւ հայանպաստ գործեր կատարած է, որոնցմէ մէկն ալ 25 դեկտեմբեր 1988-ին, Ս. Ծննդեան տօնին տուած իր պատգամին մէջ ըրած կոչն էր  համայն աշխարհին՝ օգնելու երկրաշարժէն տուժած հայ ժողովուրդին: Իր նստավայրին մէջ ան 1989-ին ընդունած է երկրաշարժէն տուժած 100 հայ երեխայ:

Հռոմի Պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ն շատ հայկական ձեռնարկներու ներկայ եղած է, օրհնած է հայկական եկեղեցիներու բացում՝ շատ երկիրներու մէջ: Կի յիշուի նաեւ, որ ինքն էր, որ 2001-ին Ս. Պետրոսի հրապարակին մէջ, բազմաթիւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ ԶԼմ-ներու ներկայութեամբ  1915-ի ցեղասպանութեան զոհ հայազգի Մարտինի Արքեպիսկոպոսին՝ Ինգնատիոս Մալոյեանին հռչակած է Երանելի: 

 

Պատրաստեց՝ «Արեւելքը»