image
Հրատապ լուրեր:

Քաթարի հայկական դեսպանատան մէջ առաջին ամուսնական արարողութիւնը կատարուած է

Քաթարի հայկական դեսպանատան մէջ առաջին ամուսնական արարողութիւնը կատարուած է

Այսօր Քաթարի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութենէն ներս տեղի ունեցած է առաջին ամուսնական արարողութիւնը, կը տեղեկացնէ Քաթարի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, որ ջերմագին շնորհաւորանքներ յղած է նորապսակ զոյգին` Շանթ Պալաղամեանին եւ Միրէյ Ռիթա Գափլանեանին` մաղթելով երջանկութիւն եւ յաջողութիւններ:
Արարողութեան ներկայ եղած է Քաթարի Պետութեան մէջ ՀՀ դեսպան Գեղամ Ղարիպճանեանը: