image

Արուսեակ Թիւրապեանի ողբերգական մահուանն անդրադարձած է ամերիկեան մամուլը

Արուսեակ Թիւրապեանի ողբերգական մահուանն անդրադարձած է ամերիկեան մամուլը

Սփիւռքահայ յայտնի թարգմանիչ, երաժիշտ, գրադարանագէտ Պերճ Թիւրապեանը յայտնած է իր դստեր՝ Արուսեակ Թիւրապեանի մահուան մասին: Երիտասարդ կնոջ մահը ցնցած է հարազատները. 

«Թիւրապեան եւ Սքուտըրի ընտանիքները խորունկ կսկիծով կը յայտնեն Արուսեակ Թիւրապեանի մահուան բօթը, որ մեզ ցնցեց 2020 թուականի ապրիլ 30-ին:
 Արուսեակը սիրառատ եւ քնքուշ դուստր էր, մայր, կին, քոյր, ընկեր...
Ան սէր ու անդորր կը ճառագէր շուրջը՝ իր լոյսով ու ջերմութեամբ առատօրէն ողողելով զինք շրջապատող մարդոց: Իր եւ ուրիշներու համար ան կեանքը գեղեցիկ կը դարձնէր՝ մարմնաւորելով բարութիւն ու կարեկցանք, ըլլալով առեղծուածային բնութեան մէկ մասնիկը:
Մենք այսօր կը սգանք մեր սիրելի Արուսեակի կորուստը՝ յորդառատ մխիթարութիւն գտնելով մեզի սգակից ընտանիքիներու ու ընկերներու սիրոյ եւ համակրանքի արտայայտութիւններուն մէջ: Արուսեակի լոյսը, որ ողողած է մեր մտերիմներու հոգին, կ'ամոքէ մեզ ու կը սփոփէ-գրած է Պերճ Թիւրապեան, յայտնելով, որ հասարակական հաւաքներու սահմանափակման  պատճառով Արուսեակի հոգեհանգստեան ու թաղման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան մտերմիկ ընտանեկան պայմաններու մէջ եւ այնպէս ինչպէս ինք փափաքած է»:



Պերճ Թիւրապեանը տեղադրած է նաեւ դստեր լուսանկարն ու անոր ստեղծագործութիւններէն մէկը. 

«Թէ կարողանաք
Ձեր սրտում ինձ ներել
Խնդրում եմ ինձ փոխակերպէք ծառի
Կամ եթէ ոչ
Շաղ տուէք ինձ
Սեւանայ լճի բիւրեղեայ փայլքին
Որ արթնանամ իմ հայրենի երկրում
Իսկ թէ ինձ առմիշտ քամահրէք
Համաձայն եմ թաղուել հողի տակ
Որ որդերն ու տարիները
Մարմինս կրծոտեն առյաւէտ»:

Արուսեակ Թիւրապեան, 2020

 

Արուսեակ Թիւրապեանի ողբերգական մահուանն անդրադարձած է Նիւ Եորքի մամուլը: Մասնաւորապէս,  New York Daily News-ը  գրած է, որ 1 մայիսին, Նիւ Եորքի արուարձանին մէջ,  ովկիանոսի ափին յայտնաբերուած է երիտասարդ կնոջ դի: Աւելի ուշ պարզուած է անոր ինքնութիւնը՝ հայ Արուսեակ Թիւրապեան, որ անհետացած էր տունէն, մինչ այդ յայտնելով կեանքէն հեռանալու իր ցանկութեան մասին: Ընտանիքի անդամներէն մէկը New York Daily News-ին յայտնած է, որ կատարուածը շատ ծանր է ընտանիքի համար: Կայքը զետեղած է Արուսեակ Թիւրապեանի լուսանկարը՝ նշելով, որ ան ընկերային ցանցի մէջ մահանալէն օրեր առաջ ծովափին առնուած լուսանկար մը տեղադրած է, որուն մէջ կը ժպտայ: 

Usareally-ն ու ամերիկեան այլ կայքեր յայտնած են, որ կնոջ մարմինը նկատած է Նիւ Եորքի Քուինս թաղամասին յարակից  ովկիանոսամերձ ափին առաւօտ շուտ  զբօսնող տղամարդ մը: 

Արուսեակ Թիւրապեանը ծնած է Երեւան, փոքր տարիքին ծնողներուն հետ տեղափոխուած է ԱՄՆ,  ամուսնացած էր, ունէր  երեխայ: Անոր մայրը յայտնի հայ գրող Խաչիկ Դաշտենցի դուստրն է՝  հայագէտ Անահիտ Դաշտենցը: