image

Հրաձգութիւն Գանատայի մէջ. կայ 16 զոհ

Հրաձգութիւն Գանատայի մէջ. կայ 16  զոհ

Գանատայի Նոր Շոթլանտիա նահանգի փոքր քաղաքներէն մէկուն մէջ հրաձգութիւն եղած է, որու հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ:

CNN-ը յայտնած է, որ  16 զոհ կայ, որոնց մէջ նաեւ հրաձգութիւնը կատարողը՝ 51-ամեայ տղամարդ, որ ոստիկանական համազգեստով  եւ պարեկութիւն ընող մեքենայով շրջած է մարդոց մէջ եւ կրակած:

Նշուած է, որ ան ոստիկանութեան աշխատող չէ, բայց զոհերէն մի քանին ճանչցած է: Հետաքննութիւնը կը շարունակուի:

Ոստիկանութեան իրականացուցած գործողութեան ժամանակ զոհուած է ազգային ոստիկանութեան նահանգային աշխատակցուհին (լուսանկար):