image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Օրական 1000 պարագայ քննութեան պէտք է ենթարկուի.Վարչապետ

«Քորոնա»ի Տագնապ. Օրական 1000 պարագայ քննութեան պէտք է ենթարկուի.Վարչապետ

Պետութիւնն իր առաջ խնդիր դրած է Հայաստանի մէջ առաջիկայ օրերուն օրական իրականացնել «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման 1000 քննութիւն. Կը նախատեսուի տեղական ախտորոշման սրուակներու արտադրութիւն: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ֆեյսպուքի ուղիղ եթերի ժամանակ՝ պատասխանելով քաղաքացիի հարցին, թէ արդեօք կը պատրաստուին իրականացնել  բնակչութեան զանգաուածային քննութիւն:

«Այսօր խնդիր դրած ենք, որ առաջիկայ օրերուն օրական քննութիւններու քանակը դարձնենք 1000: Այսօր մեր օրական քննութիւնները կը տատանին 200-էն մինչեւ 400-ի մէջ: Բայց մենք խնդիր դրած ենք, որ այս շաբաթէն, գուցէ այն հնարաւոր ըլլայ վաղը միւս օրը, բայց ուրբաթ օրէն վստահաբար օրը 1000 քննութիւն ընել:  Եւ ասոր համար մենք հիմա բաւականին մեծ քանակի՝ մօտաւորապէս 70 հազարին հասնող ախտորոշման սրուակներ կը գնենք»,-ըսած է Փաշինեան:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Մոլեքուլային կենսաբանութեան հիմնարկի հետ կը քննարկեն ախտորոշման սրուակներու տեղական արտադրութիւն  ստեղծելու հարցը: Այսօր արդէն կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է բաւականին մեծ գումար յատկացրել հումք ձեռք բերելու համար:  «Մոլեքուլային կենսաբանութեան հիմնարկի համար 550 հազար տոլարի չափով յատկացում կատարած ենք, որպէսզի կազամակերպենք ախտորոշման սրուակներու արտադրութիւն: Մասնագէտները կը վստահեցնեն, որ այն կը յաջողի»,-ըսած է Փաշինեան: