image

Երեւան. Կոմիտաս շրջանի «Սիթի» հանրախանութը Պարէտի որոշումով պիտի առկախէ իր գործունէութիւնը

Երեւան. Կոմիտաս շրջանի «Սիթի» հանրախանութը Պարէտի որոշումով պիտի առկախէ իր գործունէութիւնը

 

Հիմնուելով 2 եւ 4 ապրիլին իրականացուած  մշտադիտարկումներու արդիւնքին հիմամբ կազմուած արձանագրութիւններուն վրայ՝ ՀՀ պարէտ Տիգրան Աւինեանը որոշած է վեց ժամով սահմանափակել չորս հանրախանութներու գործունէութիւնը։ Պարէտի՝ 5 ապրիլի որոշման մէջ ըսուած է.
 
«Ղեկավարուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2020 թուականի 16 մարտի N298 որոշման 2-րդ, 6-րդ եւ 7-րդ կէտերով եւ որոշման յաւելուածի 20-րդ կէտով, հաշուի առնելով Պարէտի՝ 2020 թուականի 20 մարտի  NՑ/17-2020 ցուցումը եւ 2020 թուականի 31 մարտի N27 որոշումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի ղեկավարի 2020 թուականի 2 ապրիլի N747-Ա, 2020 թուականի 3 ապրիլի N758-Ա, N788-Ա հրամաններու վրայ 2020 թուականի 2 ապրիլին եւ 4-ին իրականացուած  մշտադիտարկումներու արդիւնքի հիման վրայ կազմուած արձանագրութիւնները՝ 
1. Վեց ժամով արգիլել հետեւեալ տնտեսվարողներուն պատակնող մասնաճիւղերու (հանրախանութներու) գործունէութեան ծաւալումը՝
1. «ՆՈՒՆՈՒՇ» ՍՊԸ՝ ք․ Երեւան, Վ․ Շենգաւիթ 2-5/2,
2. «ՏԻԳՐԱՆՈՒՀԻ ԹԵՒԱՆԵԱՆ» ԱՁ՝ ք․ Երեւան, Վ․ Շենգաւիթ 2-5/2,
3. «ՇՈԿՈ» ՍՊԸ՝ ք․ Երեւան, Արշակունեաց 52,
4. «ՍԻԹԻ» ՍՊԸ՝ ք․ Երեւան, Կոմիտասի 60/2։
2. Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի ղեկավար Յակոբ Աւագեանին՝ ապահովել տնտեսվարողներուն սոյն որոշման մասին տեղեկացումը։
 
3. Տնտեսվարողներու գործունէութիւնը կ'արգիլուի տեղեկացման պահէն։
 
4. Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեանին՝ ապահովել սոյն որոշման 1-ին կէտի պահանջներու կատարման նկատմամբ ամբողջական վերահսկողութիւնը։
 
5. Սոյն որոշումն ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն»։