image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին շրջանին յաճախակի սկսած են դառնալ Պէյրութի մէջ գործող դեղարաններուն վրայ յարձակումները։

Վերջին շրջանին  յաճախակի  սկսած են  դառնալ     Պէյրութի   մէջ  գործող  դեղարաններուն վրայ   յարձակումները։

Այս  մասին  այսօր տեղեկութիւն  VDL հաղորդեց       կայանը։  Աղբիւրը մասնաւորապէս նշեց,  որ երէկ ուշ   գիշերին       իրենց  դէմքերը  ծածկած  երեք անձեր    յարձակում  գործած են Պէյրութի արուարձաններէն համարուող   «Շուայֆաթ»   շրջանին  մէջ   գործող «Նանա»  դեղարանին վրայ եւ   կրակոցներ  արձակելէ  ետք  հեռացած։

  Բնականաբար     զինուած  անձերուն  նպատակը եղած է  դեղատան  կողոպուտը,  բայց   նախազգալով, որ պիտի չկարողանան   յաջողիլ իրենց նպատակին մէջ   հեռացած են։ Կը  նշուի  նաեւ, որ        դեղարաններուն  դէմ  կատարուող   ոտնձգութիւններուն   դէմ բողոքելու համար       նշեալ   շրջանի  դեղարաններու   սեփականատէրերը  որոշած են  մէկ օրուայ  համար ՝  այսօր փակ    պահել  իրենց  հաստատութիւնները։ 

   Յիշեցնենք,  որ ինչպէս տարբեր երկիրներու,  նոյնպէս  ալ Լիբանանի մէջ դեղարանները  կը շարունակեն    բաց  պահել իրենց դռները,  համարուելով  հասարակութեան  համար կարեւոր  հաստատութիւններ։