image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանէն Հայաստան ՀՀ քաղաքացիներու տեղափոխումը կը շարունակուի

Վրաստանէն Հայաստան ՀՀ քաղաքացիներու տեղափոխումը կը շարունակուի

 

3 Ապրիլին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կազմակերպած է Վրաստան գտնուող եւ Հայաստան մեկնիլ ուզող ՀՀ քաղաքացիներու հերթական խումբի մեկնումը Հայաստան։

 

Վրացական կողմի հետ բանակցութիւններու հետեւանքով ստացած յատուկ թոյլտւութեամբ եւ Մառնեուլի շրջանին մէջ տրուած միջանցքով, պարեկային ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ, դեսպանութիւնն իրականացուցած է ՀՀ 31 քաղաքացիներու մեկնումը հայրենիք։

Տեղեկացնենք, որ Վրաստանի Մառնեուլի եւ Պոլնիսի շրջաններուն մէջ խիստ քարանթինային ռեժիմ մտցնելու պատճառով, փակ է դէպի Սատախլոյի անցակէտ քաղաքացիներու տեղաշարժը (սահմանափակումը չի վերաբերիր բեռնատարներուն)։