image

«Ճնշումներ երկրի փոքրամասնութեանց վրայ» Կարօ Փայլան

«Ճնշումներ երկրի փոքրամասնութեանց վրայ» Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ հիմնարկներու գլխաւոր վարչութիւնը  բազմաթիւ այլ հիմնադրամներու հետ մէկտեղ յատուկ գրութիւն մը ուղարկած է նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող հիմնարկներուն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանին հռչակած «Ազգային համերաշխութեան արշաւ» անուանումով եւ «Ի՛մ Թուրքիան. մենք մեզի բաւարար ենք» կարգախօսով դրամահաւաքին մասնակցելու խնդրանք-պահանջով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber»ը:

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այս առթիւ քննադատութիւն հնչեցուցած է, այս գծով յստակացում պահանջելով մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյէն:

Փայլան նախարարին յղուած նամակին մէջ կը նշէ, որ Թուրքիոյ հիմնարկներու գլխաւոր վարչութեան ուղարկած նամակները ուղղակի պարտադրանք է եւ ճնշում՝ ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնարկներուն վրայ, յատկապէս նիւթական առումով ծանր եւ դժուար այս ժամանակաշրջանին մէջ։

Հայ պատգամաւորը հարցումը այսպէս ձեւակերպած է

1. Նիւթական առումով ծանր եւ դժուար այս ժամանակաշրջանին, երբ պետութիւնը ինքը պէտք է աջակցութիւն ցուցաբերէ ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներուն, ինչու՞ դուք «Ի՛մ Թուրքիա. մենք մեզի բաւարար ենք» արշաւի շրջագիծէն ներս ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներէն աջակցութիւն կը պահանջէք։

2. «Ի՛մ Թուրքիա. մենք մեզի բաւարար ենք» արշաւի շրջագիծէն ներս ձեր պահանջած աջակցութիւնը չե՞ք կարծեր, որ կրնայ ընկալուիլ ճնշման միջոց, իսկ այդ գրութիւնը կրնայ ընկալուիլ որպէս պարտադրանք։