image

Կալկաթայի Ճեմարանի սաները Երեւան տեղափոխուեցան

Կալկաթայի Ճեմարանի սաները Երեւան տեղափոխուեցան

31 Մարտին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ, Պարետատան եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան համակարգմամբ, կազմակերպուեցաւ յատուկ չուերթ` իրականացնելու Հնդկաստանի մէջ գործող Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի 68 սաներու եւ անոնց ուսուցիչներու Հայաստան փոխադրումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հովանիի տակ Հնդկաստանի մէջ արդէն երկու հարիւրամեակ գործող Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը հանրակրթական դպրոց է, ուր կ՛ուսանին աշակերտներ հիմնականօրէն Հայաստանէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն եւ այլ երկիրներէ: