image

Կարեւոր նախաձեռնութիւն Պէյրութի փաստաբաններուն կողմէ. Օգնութիւն Լիբանանի բանտերուն

Կարեւոր  նախաձեռնութիւն Պէյրութի  փաստաբաններուն կողմէ.  Օգնութիւն Լիբանանի    բանտերուն

Լիբանանի   փաստաբաններու  սենտիքան    հանդէս եկած է կարեւոր նախաձեռնութեամբ։

  Այս  մասին լուրը  հաղորդեց   լիբանանեան LBCI     կայանը  նշելով, որ  նախաձեռնութեան  հիմքով    լիբանանցի փաստաբանները ներկայացնող  պատուիրակութիւն մը  պիտի շրջի    Լիբանանի   տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող   30  բանտերը    անոնց    տրամադրելով «Քորոնա»   վարակին դէմ  պայքարելու  անհրաժեշտ   հականեխիչ  նիւթեր,  հեղուկներ, մաքրման պարագաներ, ձեռնոցներ եւ դիմակներ։

   Այս   մասին նաեւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն     հետ  խօսած  ատեն ըսած է   Պէյրութի  փաստաբաններու սենտիքայի  նախագահ  ՝ Մըլհէմ  Խալաֆ  նշելով, որ իրենց  համար այս նախաձեռնութիւնը  կարեւոր  նախաձեռնութիւն է եւ  կարելի եղածին չափով  կրնայ  կասեցնել   եւ հեռու պահել   «Քորոնա»  վարակին տարածումը  Լիբանանի    առանց անոր ալ  խոցելի   եւ դժուար  վիճակ մ՚ունեցող բանտերուն  մէջ։