image

Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներու աւելի քան 90 տոկոսը առողջացած է

Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներու աւելի քան 90 տոկոսը առողջացած է

Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը կը շարունակէ նուազիլ: Ներկայիս հիւանդներու աւելի քան 90%-ը բուժուած է, կը յայտնէ «Ռիա նովոսթի»-ն՝ յղում կատարելով առողջապահութեան պետական կոմիտէին:

Համաձայն վերջին տուեալներու՝ մայրցամաքային Չինաստանի մէջ առողջացած մարդոց թիւը 73 159 է:

Անցած 24 ժամուան ընթացքին Չինաստանի մէջ առողջացած է 456 մարդ, մահացած է 7-ը: