image

ՀՀ ԱԱԾ-ի նախկին պետը երրորդ զաւակով մը բախտաւորուեցաւ

ՀՀ ԱԱԾ-ի նախկին պետը երրորդ զաւակով մը բախտաւորուեցաւ

ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի կինը՝ Նոնա Վանեցեանը, դուստր ունեցած է։ Տեղեկութիւնը Sputnik Արմենիային յայտնած են Նոնա Վանեցեանի օգնականը` Տաթեւ Ասպատուրեանը։ Նշենք, որ ԱԱԾ նախկին տնօրէնի կինը «Վիլլա Մոնտեսսորի» մանկապարտէզի տնօրէնն է։

Երեխան ծնած է «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ այսօր` ժամը 10։45–ին։ Անոր անուանած են Մարիա։ 

Sputnik Արմենիայի հարցին` արդեօ՞ք Մարիա անունը տատիկներէն որեւէ մէկին հետ կապ ունի, Ասպատուրեանը պատասխանած է.

«Ոչ, ուղղակի այդ անունը ընտրած են»։

Նշենք, որ Վանեցեանը երկու որդի ունի։ Աւագ որդին՝ Արտիոմը, 18 տարեկան է, կրտսերը՝ Դաւիթը՝ 12: Վանեցեանի կինը դստեր` Մարիային, լոյս աշխարհ բերած է 38 տարեկանին։