image

Վրաստանի հետ սահմանը պիտի չփակուի

Վրաստանի հետ սահմանը պիտի չփակուի

Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը «քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու աշխատանքներու շրջածիրէն ներս Վրաստանի հետ սահմանը փակելու անհրաժեշտութիւն այս պահին չի տեսներ «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ, անդրադառնալով հարցին, «քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու աշխատանքներու շրջագիծէն ներս կրնա՞յ քննարկուիլ Վրաստանի հետ սահմանը փակելու հարցը, Արմէն Գրիգորեանը պատասխանած է. «Եթէ ատոր անհրաժեշտութիւնը ըլլայ, կը քննարկուի. այս պահին ատոր անհրաժեշտութիւնը դեռ չկայ»:

Հարցին՝ ազգային անվտանգութեան լուրջ խնդիր չըլլա՞ր, եթէ փակ ըլլան թէ Իրանի, թէ Վրաստանի հետ սահմանները, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը պատասխանած է.

«Մենք դեռ այդ իրավիճակին չենք հասած։ Անվտանգութեան տեսանկիւնէ պիտի քննարկենք, եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, կը փակենք, եթէ ոչ, չենք փակեր»։

25 Փետրուարին ուժի մէջ մտած է ՀՀ կառավարութեան որոշումը՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ հաղորդակցութիւնը ժամանակաւորապէս սահմանափակելու մասին: