image

ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպանին

ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է  Հայաստանի  մօտ  Սուրիոյ  դեսպանին

 Ռամկավար  Ազատական  Կուսակցութեան  Կեդրոնական Վարչութիւնը  ներկայացնող  պատուիրակութիւն մը    այցելութիւն տուած է  ՀՀ-ի  մօտ  Սուրիոյ  դեսպանատուն։

 

 Պատուիրակութիւնը  գլխաւորութեամբ   Տիար   Լեւոն Պըլըխեանի     Սուրիոյ  արտակարգ եւ լիազօր  դեսպան  Մոհամմէտ  Հաժ  Իպրահիմին    յանձնած է շնորահակալութեան գիր մը, կապուած  Սուրիոյ Ազգային Ժողովին   վերջերս    ընդունուած  օրինագիծին, որ     կը ճանչնար   Հայոց  Ցեղասպանութեան   փաստը։

 

 Կողմերը  նաեւ  քննարկած են Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակն ու Հայաստան- Սուրիոյ   յարաբերութեանց  ընդհանուր  դրութիւնը։

 

Լուրը՝  «Ռամկավար մամուլ»էն