image

«Քորոնա»ի վերջին տուեալները. Չինաստանէն դուրս վարակակիրներու թիւը հասած է 2459-ի

«Քորոնա»ի վերջին տուեալները. Չինաստանէն դուրս վարակակիրներու թիւը հասած է 2459-ի

Չինաստանի սահմաններէն դուրս քորոնա ժահրով վարակուած մարդոց թիւը հասած է 2459-ի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռիա Նովոսթի»-ն՝ յղում տալով ԱՀԿ-ի տուեալներուն:

Այսպէս, աշխարհի մէջ Չինաստանի սահմաններէն դուրս 1 օրուան ընթացքին գրանցուած է վարակման հաստատուած 390 դէպք:

Կը նշուի, որ այս պահի դրութեամբ քորոնա ժահրով վարակումներ գրանցուած են աշխարհի 33 երկիրներու մէջ: Ընդհանուր առմամբ, մահերու թիւը կը կազմէ 34, որմէ 11-ը գրանցուած է վերջին 1 օրը:

ԱՄՆ Առողջութեան ազգային հիմնարկի տնօրէն Էնթընի Ֆաուչին յայտնած է COVID-2019-ի դէմ պատուաստանիւթի պատրաստման հնարաւոր ժամկէտը:

«Ես կը կանխատեսեմ, որ մենք կրնանք մարդոց վրայ պատուաստանիւթը փորձարկել մէկ ու կէս ամիսէն»,- ըսած է Ֆաուչին:

Ընդ որում, պատուաստանիւթի՝ լայնամաշտապ օգտագործման համար, անոր խօսքով, կը պահանջուի մօտ կէս տարի: