image

Թուրքիոյ մօտ Ռուսաց դեսպանը սպառնալիքի տա՞կ

Թուրքիոյ մօտ Ռուսաց դեսպանը սպառնալիքի տա՞կ

Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսէյ Երխովը պատմած է «Զվեզտա»-ին չդադրող սպառնալիքի եւ վիրաւորանքի մասին, որոնք ան կը ստանայ անձամբ իր եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան հասցէին, կը հաղորդէ «Զվեզտա»-ն:

«Ինչ կը վերաբերի սպառնալիքին, մենք բաւականին խօսած ենք այդ մասին, եւ նոյնիսկ հրապարակած անոնցմէ ամենաշատ ատելութիւն պարունակողները: Վերջիններէն են երէկ երեկոյեան եւ այսօր առաւօտեան հետեւեալ բովանդակութեամբ սպառնալիքները. «Մենք երկնաքերեր կը կառուցենք  ձեր զինուորականներու գանկերէն» ու «Դուք պիտի վճարէք ձեր պատճառով թափած արեան իւրաքանչիւր կաթիլի գինը» եւ այդպէս շարունակ: Սակայն մեր կարծիքով՝ վերջերս ռուսական արտասահմանեան կազմակերպութիւններու եւ առհասարակ Ռուսաստանի անվտանգութեան թեմայի շուրջ տեղեկատուական տարածութիւնը զգալիօրէն մաքրած է այս միտումը: Ես կը կարծեմ, որ այն թեմայի նկատմամբ ցուցաբերուած հասարակական ուշադրութեան արդիւնք է: Մենք երախտապարտ ենք այս հարցով զբաղուող մարդոց»,-ըսած է Երխովը:

Միեւնոյն ժամանակ դեսպանն ընդգծած է, որ կարելի չէ ուշադրութիւն չդարձնել այդքան լուրջ հաղորդագրությիւններուն, քանի որ տուեալ պարագային խօսքը կը վերաբերի պետութեան՝ ընդհանուր առմամբ:

«Մարդիկ կ'ըսեն, որ այս եղածը ժողովրդավարութեան դրսեւորում է: Ասոր հետ կարելի չէ համաձայնիլ, նման գործողութիւններն անթոյլատրելի են, քանի որ խօսքը կը վերաբերի ոչ թէ դեսպանատան կամ դեսպանին, այլ Ռուսաստանին եւ անոր բոլոր ներկայացուցիչներուն»,-յայտարարած է Երխովը:

«Ինչո՞ւ սպառնալիքները անթոյլատրելի են: Որովհետեւ Ռուսաստանին ուղղուած սպառնալիքները հասարակական տրամադրութիւնները արմատական դարձնելու գործօն են: Այս սպառնալիքները գրողները, յստակ կը հասկնան, որ կրնան պատճառ դառնալ շղթայական հակազդեցութեան ու ատելութեան համար, որ կրնայ գործնականօրէն եւս դրսեւորուիլ»,-յայտարարած է Երխովը:

Դիւվանագէտն ընդգծած է տեղի ունեցածի կարեւորութիւնը, քանի որ անհնար է պաշտպանել արտասահմանեան կազմակերպութիւններու բոլոր աշխատակիցները եւ մեկուսացնել Ռուսաստանի քաղաքացիները, որոնք մշտական բնակութիւն հաստատած են Թուրքիոյ մէջ: