image

Երեւան- Մոսկուա թռիչքը խնդիրներ ունեցած է եւ յետաձգուած

Երեւան- Մոսկուա  թռիչքը խնդիրներ ունեցած է եւ  յետաձգուած

ՀՀ Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ 16 փետրուարին նախատեսուած Երեւան-Մոսկուա թռիչքը չէ կայացած` օդանաւի անսարքութեան խնդիրներու պատճառով:

«Յարգելի քաղաքացիներ, այսօր ռուսական Նորտ Ուինտ ընկերութեան A321 օդանաւի շարժիչի ոչ կայուն աշխատանքի պատճառով Երեւան-Մոսկուա թռիչքը չէ կայացած: Օդանաւը վերադարձած է Զուարթնոց օդակայանի կայանատեղի: Օդանաւի անձնակազմը եւ ուղեւորները չեն տուժած»:

Ըստ օդանաւային ընկերութեան հայաստանեան ներկայացուցիչի՝ ուղեւորները պիտի սպասարկուին սահմանուած կարգով: Օդանաւային ընկերութիւնը կը նախատեսէ նոր օդանաւով Երեւան-Մոսկուա թռիչքը իրականացնել ժամը 01:20-ին։