image

Մինչեւ 15 տարուան բանտարկութիւն Die Welt-ի լրագրող Տենիզ Եուճելին

Մինչեւ 15 տարուան բանտարկութիւն Die Welt-ի լրագրող Տենիզ Եուճելին

Թուրք դատախազը 15 տարի ժամկէտով պատիժ պահանջած է Die Welt-ի գերմանաթուրք լրագրող Տենիզ Եուճելի համար, կը յայտնէ Anadolu պետական լրատուական գործակալութիւնը:

Եուճելը գրեթէ մէկ տարի անցուցած է Թուրքիոյ բանտը, երբ 2017-ի փետրուարին կալանաւորուած էր ահաբեկչութեան քարոզչութեան մեղադրանքով` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Պայիքի հետ հարցազրոյցի համար: Ան 2018-ի փետրուարին, մինչեւ վճիռի հրապարակումը, ազատ արձակուած էր եւ վերադարձած էր Գերմանիա:

Յունիսին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը որոշում կայացուցած էր, որ Եուճելի կալանաւորումն անօրինական էր, որու հետեւանքով ան զրկուած էր անձնական ազատութենէն, անվտանգութենէն, ինչպես նաեւ խախտուած էր խօսքի եւ մամուլի ազատութեան իրավունքը:

Այդուհանդերձ, դատախազը պահանջած է, որ Եուճելը դատապարտուի բանտարկութեան` ահաբեկչութեան քարոզչութեան եւ թուրք ժողովուրդը վիրավորելու համար:

Յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է 2 ապրիլին: