image
Հրատապ լուրեր:

Յորդանանի Ապտալլա թագաւորը Երեւանի մէջ. Ան առաջին օրը ընթրած է սիրիահայերու կողմէ հիմնուած ճաշարանին մէջ

Յորդանանի  Ապտալլա թագաւորը Երեւանի  մէջ. Ան   առաջին օրը ընթրած է սիրիահայերու կողմէ հիմնուած   ճաշարանին  մէջ

Ինչպէս   աւելի վաղ գրած էինք` այսօր Երեւան  ժամանած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան  գահակալ, Նորին Մեծութիւն  Ապտալլա Երկրորդը:

«Արեւելք»ի տեղեկութիւններով, բարձրաստիճան հիւրի պաշտօնական այցի առաջին ընթրիքը  եղած   է  «Տէրեան»   ճաշարանին մէջ։ Բիւզանդ փողոցին  վրայ  գտնուող    ճաշարանը  հիմնադրուած է    Սուրիոյ դէպքերուն   հետեւանքով Հայաստան հաստատուած   երկու    ընտանիքներու  կողմէ։

Ճաշարանը, որ շնորհիւ տքնաջան  աշխատանքի   յաջողած է  մեծ    վարկ    վաստակիլ,  կը մատուցէ  միջինարեւելեան   եւ արեւմտեան   Հայաստանի  աւանդական  խոհանոցի ուտելիքներ:

Յորդանանի թագաւորը  ընթրած է  ՀՀ նախագահ Արմէն  Սարգսեանին  հետ, եւ  աւելի ուշ հիւրերը լուսանկարուած են   ճաշարանի   աշխատողներուն, ինչպէս նաեւ՝  երաժիշտներուն ու երգիչներուն հետ։