image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողանն այցելած է հիւանդ Մարգար Եսայեանին. վերջինս ցոյց տուած է իր գրադարանը

Էրտողանն այցելած է հիւանդ Մարգար Եսայեանին. վերջինս ցոյց տուած է իր գրադարանը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը երէկ այցելած է Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան անդամ, հայ պատգամաւոր Մարգար Եսայեանի տուն: Թրքական մամուլի հաղորդմամբ, Մարգար Եսայեանը հիւանդ է, ամիսներէ ի վեր բուժում կը ստանայ, որուն համար Էրտողանը հայ քաղաքական գործիչին  ապաքինում կը մաղթէ:  Մարգար Եսայեանի բնակարանին մէջ Թուրքիոյ նախագահը դիմաւորած է ինքը՝ տանտէրը, կնոջ հետ: Զրոյցի ընթացքին Մարգար Եսայեանը Թուրքիոյ նախագահին ցոյց տուած է իր  գրադարանը, որում մէջ նաեւ հայերէն գիրքեր կան:

 


 

 

 

Գրող, հրապարակախօս եւ քաղաքական գործիչ Մարգար Եսայեանը ծնած է 11 փետրուար 1969-ին՝ Պոլիս: Ուսանած է Կեդրոնական վարժարանէն ներս, այնուհետեւ Պոլսոյ Պիլիճի համալսարանը: 1997-2008 թուականներուն յօդուածներ գրած է «Ակօս» շաբաթաթերթի համար, 2008 թուականէն իր առանձին սիւնակը ունեցած է թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ: Աշխատակցած է «Ենի Շաֆաք» պարբերականին, որպէս լրագրող:

24 Յունիս 2018-ին Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան կողմէ Պոլսոյ 2-րդ ընտրատարածքին մէջ պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած Մարգար Եսայեանը դարձած է խորհրդարանի պատգամաւոր: Յայտնի է ի շահ Թուրքիոյ ունեցած իր ելոյթներով: