image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. Հայերու գանձագողութիւնը կը շարունակուի

Թուրքիա. Հայերու գանձագողութիւնը  կը  շարունակուի

Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմեթ Նուրի Էրսոյը պատասխանած է Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) անդամ՝ ԹԱՄԺ-ի պատգամաւոր Թումա Չելիքի հարցապնդման, որ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս բարձրացուցած էր Մարաշի հայկական եւ յունական բնակավայրերուն մէջ պետութեան թոյլտւութեամբ գանձ գտնելու նպատակով կատարուած պեղումներու հարցը։

Ինչպէս կը յայտնէ  Akunq.net–ը, Թումա Չելիքի հարցմանն ի պատասխան՝ նախարար Էրսոյը նշած է, թէ տուեալ բնակավայրերուն մէջ գանձ ըլլալու մասին որեւէ տեղեկութիւն կամ փաստ չէ գտնուած, եւ որ պեղումներն իրականացուցած հնագէտ Հաթիճէ Քըլըչասլանն այդ աշխատանքները կատարած է՝ անհրաժեշտ թոյլտւութիւնն ստանալէ ետք:

Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը նաեւ յայտնած է, որ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ 2014-2019 թուականներուն 523 անգամ գանձ որոնուած է, սակայն որեւէ տեղեկութիւն չկայ առ այն, թէ նման բան գտնուած է։

Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ պատգամաւոր Չելիքը Bianet.org-ի հետ հարցազրոյցին ընդգծած է գանձ որոնելու՝ Թուրքիոյ մէջ տարածուած մոլուցքն արգիլելու անհրաժեշտութեան մասին, քանի որ անոր հետեւանքով խիստ կը տուժեն պատմական եւ մշակութային կոթողներ։

Չելիքը նաեւ նշած է․ «Նախարարութիւնն իր պատասխան նամակին մէջ կը յայտնէ, թէ Մարաշի մէջ գրանցուած 305 կառոյց կայ, սակայն այդ շինութիւններուն մէջ ոչ մէկ եկեղեցի կամ սինակոկ չկայ։ Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամի կողմէ կազմուած Մշակութային հարստութիւններու քարտէզի համաձայն՝ Մարաշի մէջ առնուազն 50 հայկական, յունական, ասորական եւ հրէական մշակութային կոթող կայ։

Եթէ գանձ որոնելու ուղղութեամբ գործադրուած այսչափ ջանքերն ուղղուէին այդ շինութիւնները պահպանելուն, ապա մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող կառոյցները պաշտպանելու գիտակցութեան մակարդակը կը բարձրանար։ Դարձեալ նախարարութեան տրամադրած տուեալներու շնորհիւ պարզ կը դառնայ, որ կատարուած պեղումներու հետեւանքով ոչ մէկ գտածոյի չեն հանդիպած։ Գանձն իրականութեան մէջ ոչ թէ գետնի տակ է, այլ՝ գետնի վրայ»: