image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ տաղանդաւոր արուեսատգէտ՝ Արա Մալիքեանին մասին պատմող տեսաֆիլմը՝ առաջատար

Լիբանանահայ տաղանդաւոր արուեսատգէտ՝ Արա Մալիքեանին մասին պատմող տեսաֆիլմը՝ առաջատար

Լիբանանահայ յայտնի ջութակահար, երգահան Արա Մալիքեանի կեանքի ու գործունէութեան մասին  պատմող «Արա Մալիքեան.կեանք՝ լարերու արանքին» ֆիլմը ճանչցուած է լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմը 25 յունուարին Մալակայի մէջ կայացած սպանական «Կոյա» ամենամեայ ազգային շարժանկարի մրցանակաբաշխութեան, կը յայտնէ La Vanguardiaն։ 

Ֆիլմը կը ներկայացնէ երգահանի անձնական կեանքն ու մասնագիտական գործունէութիւնը։ Երաժշտութիւնը փրկեց անոր կեանքը։ Ան հեռացաւ Պէյրութէն 14 տարեկանին: Այդ ժամանակուընէ երաժիշտը ապրած է քոչուորի կեանքով՝ աշխարհի մէջ սփռելով իր երաժշտութիւնը։

Ֆիլմի բեմադրիչը Մալիքեանի կեանքի պատմութիւնը սկսած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած անոր հայ պապի պատմութենէն, որ պատանեկութեան տարիներուն կը փախի Թուքրիայէն Յունաստան՝ իր հետ տանելով միայն ջութակը։ Ջութակահարի պապը կը սկսի նուագել Լիբանան հաստատուելէ ետք միայն։

Կէս դար անց, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, Մալիքեանը նոյնպէս կը հեռանայ տունէն, եւ այնպէս, ինչպէս իր պապը, նոր կեանք կը սկսի ջութակով ու երաժշտութեամբ։ Ի տարբերութիւն պապիկի, կրտսեր Մալիքեանը երբեք չի դադրիր նուագելէ, եւ երաժշտութիւնը՝ նոր էջեր բանալով, զինք կը տանի դէպի Գերմանիա, Անգլիա, Սպանիա եւ համաշխարհային բեմեր։

Ստանալով մրցանակը՝ բեմադրիչ Նաթա Մորէնօն շնորհակալութիւն յայտնած է Արա Մալիքեանին, որ «մեծահոգի» գտնուած է ու թոյլ տուած է պատմել իր պատմութիւնը։ Իր հերթին, Արա Մալիքեանը շնորհակալութիւն յայտնած է բեմադրիչին՝ ֆիլիմին համար իր կեանքէն հինգ տարի վատնելու համար։

 

Աղբիւրը ՝ «Հայաստանի հանրային ռատիօ»