image

Հայաստանէն սուրիացիներուն նուէրներ ուղարկած են

Հայաստանէն սուրիացիներուն նուէրներ ուղարկած են

Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը Սուրիոյ բնակչութեան համար հերթական մարդասիրական առաքելութիւնը նախաձեռնած է, որ այս անգամ կը կրէ  «Բուռ մը ժպիտ» խորագիրը:  Այդ մասին կը տեղեկանանք Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնէն:  

«Բուռ մը ժպիտ» արշաւին միացած են «Հայկական Քարիթաս»  բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը (ուղարկած են քանի մը տասնեակ դպրոցական պայուսակներ), «ԼԵՆԹԵՔՍ» ՍՊԸ-ն (ուղարկած են սեփական արտադրութեան գուլպաներ), «ԳՆԹՈՒՆԻՔ» ՍՊԸ-ն (ուղարկած են սեփական արտադրութեան քաղցրաւենիքներ), «ԱՐՄՍՈւԻԹ» ՍՊԸ-ն (ուղարկած են սեփական արտադրութեան քաղցրաւենիքներ), «Մանկան» ՍՊԸ  (ուղարկած են տարբեր տեսակի խաղալիքներ), Գիւմրիի Երիտասարդական պալատի սաներն իրենց ձեռքերով ստեղծած նուէրներն ու նամակները ուղարկած են, նախաձեռնութեան միացած են նաեւ այլ ընկերութիւններ:

Նուէրները սուրիացիներուն պիտի փոխանցուին փետրուարին: