image

Սարգիս Զէլվէեանը դարձաւ Պըրպանքի «Սուրբ Բարթողիմէոսի Ասպետներ»ու հրամատանատար

Սարգիս Զէլվէեանը   դարձաւ  Պըրպանքի   «Սուրբ  Բարթողիմէոսի Ասպետներ»ու  հրամատանատար

Միացեալ Նահանգներու    Հայաստանեայց  Առաքելական    Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած   իւրայատուկ արարողութեան մը    ընթացքին    ամերիկահայ ՝  Սարգիս Զէլվէեան     պաշտօնապէս   դարձած է    Լոս Անճելոս նահանգի  Պըրպէնք քաղաքի     «Սուրբ Բարթողիմէիսի  Ասպետներ»ու   հրամանատար։
 Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է  համացանցի      վրայ     «Բարթողիմէոս Առաքեալի  Ասպետներ»ու   մասին  տեղեկութիւններ   սփռող   էջերէ։

 Զէլվէեան   այս առթիւ   շնորհակալութեան  յատուկ խօսք ուղղած է    Թեմի  Առաջնորդ Տ. Յովնան  արք.  Տէրտէրեանին, Հայ Ասպետներու  պատասխանատուներէն ՝ Բագրատ Լալայեանին,     իր հանգուցեալ  հօրը , երկար տարիներ  Լոս Անճելոսի մէջ  քահանայագործած    Տ. Դաւիթ Աւագ Քահանայ Զէլվէեանին,     Եւրոպական  եկեղեցիներու  պաշտպանութիւնը ստանձնած     Ասպետներու միութեան ներկայացուցիչներուն եւ  բոլոր անոնց, որ  վստահութիւն յայտնած  են իրեն ստանձնելու համար այս        կարեւոր պարտականութիւնը։

 Յիշեցնենք, որ Բարթողիմէոս  առաքեալի  անունով    մկրտուած  Ասպետններու  միութիւնը      դարաւոր անցեալ  ունեցող    միութիւն մըն է, որուն հիմնական  առաքելութիւնն է պաշտպան   ու տէր կանգնիլ     եկեղեցական  համայնքներու եւ եկեղեցիներու  խորհուրդին։

  Ասպետները   կարեւոր   գործունէութիւն կը ծաւալեն, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Հայաստանի ու մասնաւորապէս Երուսաղէմի մէջ։