image

Սուրիոյ մէջ աշխատող հայաստանեան մարդասիրական առաքելութեան խումբը 2019-ին աջակցած է 8500 հիւանդի

Սուրիոյ մէջ աշխատող հայաստանեան մարդասիրական առաքելութեան խումբը  2019-ին աջակցած է 8500 հիւանդի

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւնն իրականացնող խումբի սակրաւորները 8 փետրուարէն մինչեւ 28 դեկտեմբեր, 124 հազար քառակուսի մեթր տարածք ականազերծած են, իսկ խումբի բժիշկներն իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են աւելի քան 8500 հիւանդի՝ անկախ տարիքէ, սեռէ, ազգութենէ ու դաւանանքէ։ Ամփոփելով անցած՝ 2019 թուականը, Մարդասիրական Ականազերծման փորձագիտական կեդրոնը յայտարարած է. «Սուրիական իշխանութիւնները պարբերաբար նշած են, որ երախտապարտ են հայ մասնագէտներուն՝ բազմաթիւ կեանքեր փրկելու համար»: 

 

 

 

 

Սուրիայէն բացի Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի մասնագէտները 2019-ը թուականին  ականազերծման աշխատանքներ իրականացուցած են նաեւ Հայաստանի մէջ: