image

«Թոյլ պիտի չտանք, որ Ռաֆիք Հարիրիի երազը հրկիզուի»Սաատ Հարիրի

«Թոյլ պիտի չտանք, որ  Ռաֆիք Հարիրիի   երազը հրկիզուի»Սաատ Հարիրի

 Լիբանանի  հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի       քիչ  առաջ  գրառում մը կատարեց Պէյրութի  մէջ     ընթացող  զարգացումներուն  վերաբերեալ։

 

 Հարիրի   մասնաւորապէս ըսած է , թէ իր հօր Ռաֆիք Հարիրիի   երազը պիտի չհրկիզուի։

 

 Ան նաեւ  եղած  դէպքերը եւ դէպքերուն ետին կանգնողները համարած է անօրինութիւն, իսկ դէպքերու հեղինակները  համարած է անօրէններ։

 Հարիրի  նաեւ   նշած է, որ իրենք թոյլ պիտի չտան, որ մայրաքաղաք Պէյրութը   դառնայ  բախումներու թատերաբեմ, ապահովական մարմիններուն յորդորելով պահպանել   ցուցարարներուն անվտանգութիւնը։