image

Լաւ լուր ԱՄՆ-էն. Էն Գարակէօզեան «Խոստումը» հայկական հիմնարկի վարիչ նշանակուեցաւ

Լաւ լուր ԱՄՆ-էն. Էն Գարակէօզեան «Խոստումը» հայկական հիմնարկի վարիչ նշանակուեցաւ

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ անցեալ տարուան վերջաւորութեան հաստատուած «Խոստումը» հայկական հիմնարկին անդրանիկ վարիչը նշանակուած է համալսարանի երկար տարիներու դասախօսներէն փրոֆ. Էն Գարակէօզեան։

Ան նախապէս համալսարանին ուսումնասիրական հարցերու ժամանակաւոր փոխտնօրէնն էր:

Փրոֆ. Էն Գարակէօզեան 1982էն ի վեր անդամ է համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի անձնակազմին, ինչպէս նաեւ համալսարանի ուժանիւթային ուսումնասիրութեանց տարրալուծարանի ղեկավարն է եւ՝ համալսարանին ու Միացեալ Նահանգներու օդուժին միացեալ մէկ ծրագիրը հանդիսացող Օդանաւային գիտութեանց համագործակցական կեդրոնի վարիչը:

Համալսարանին մէջ ան շարք մը այլ պաշտօններ ստանձնած է, իսկ համալսարանէն դուրս իր ստանձնած պաշտօններուն շարքին է՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հոգաբարձուի պաշտօնը: Դոկտ. Գարակէօզեան աւարտած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ճարտարագիտութեան բաժանմունքը ու մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ ճարտարագիտութեան հիմնարկին մէջ:

Ինչպէս հաղորդած էինք, «Խոստումը» հիմնարկը պիտի գործէ համալսարանի Միջազգային հիմնարկին հովանիին տակ: Անոր մէկ մասնիկը պիտի ըլլայ Հայագիտական ուսմանց կեդրոնը, որ պիտի ունենայ մնայուն որակաւոր դասախօսներ, ինչպէս նաեւ այցելու դասախօսներ, նեցուկ կանգնելով համալսարանի հայագիտականի ուսանողներուն, յաւելեալ գումարներ ապահովելով հայերէնի դասաւանդման ընդարձակման համար: Հանրութեան յատուկ նախաձեռնութիւնները պիտի իրականացնէ հիմնարկին Ծրագիրներ հանրութեան համար բաժանմունքը, որ նաեւ պիտի համակարգէ հայկական հնագիտական ուսումնասիրութեան, արուեստներու, գործարարութեան, իրաւագիտութեան, առողջապահութեան, քաղաքականութեան, բժշկութեան, տեղեկատուական գիտութեանց եւ ընկերային քաղաքականութեան մարզերուն միջեւ գործակցութիւնները, նպաստելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ յարաբերութեանց սերտացման:

Հիմնարկի տարիներու ծրագրումին արդիւնք է եւ կը հաստատուի հանգուցեալ ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանի մտայղացումը հանդիսացող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» շարժապատկերով սկսած արշաւին իբրեւ արդիւնք: