image

Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Էօժենի Փափազեանը. Ան 105 տարեկան էր

Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Էօժենի Փափազեանը. Ան 105 տարեկան էր

14 Յունուարին Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ 105 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներէն Էօժենի Փափազեանը, կը յայտնէ asbarez.com-ը: 

Էօժենի Փափազեանը ծնած է Թուրքիա, 1915-ին: Ան երբեք չէ տեսած իր ծնողները: Հայրը 1915-ին բանակ երթալէ ետք այլեւս չէ վերադարձած, իսկ մայրը մահացած է աղջկան ծնելէն ետք:

Ան բազմանդամ ընտանիք ունեցած է, սակայն հարազատներէն որեւէ մէկուն չէ հանդիպած, քանի որ մօր մահէն ետք յայտնուած է մանկատան մէջ, որմէ ետք սկսած է Փափազեանի «ոդիսականը» Յունաստանի մանկատուները շրջելով: 

Կայքի փոխանցմամբ, 1915-ին հայերու զանգուածային տեղահանումները երբ սկսած են, անոր ընտանիքը փախած է դէպի լեռներ: Այդ ժամանակ ընտանիքի հարսը յղի եղած է Էօժէնիով: Թաքստոցէ-թաքստոց ապաստանելու ընթացքին կը ծնի Էօժէնին։

Կարգ մը կիներ Էօժէնիի մօր կը յայտնեն, որ երեխախայով բեռնաւորուած պիտի չկարենայ արագօրէն հետեւիլ փախստական խումբին եւ կը թելադրեն, որ նորածինը թողու անտառին մէջ եւ ինք իր կեանքը ազատէ։ Էօժէնիի մայրը կը մերժէ եւ երեխան գրկած կը շարունակեն ճանապարհը։ Մայրը փախուստի ճամբուն ընթացքին կը մահանայ։ Էօժէնիի մեծ մայրը գրկելով որբացած նորածինը կը շարունակէ տարագրութեան ճամբան։

Էօժէնի Գոգորեան կը մեծնայ մեծ մօր խնամքին տակ։ Շրջան մը կ՚ապրի Սամսոնի որբանոցին մէջ ապա կը փոխադրուի Յունաստանի մէջ որբանոց մը։ Մեծ մօրը հետքը կը կորսուի։ Որոշ ժամանակ անց հայ զոյգ մը Փափազեանը կ'որդեգրէ ու Գահիրէ կը տեղափոխէ: Այնտեղ ան կը հանդիպի իր ապագայ ամուսնոյն՝ Կարապետ Գոգորեանի եւ 15 տարեկանին կ՚ամուսնանայ։ 70-ականներուն կը հաստատուի Գանատա։

Էօժէնի Գոգորեան ունեցած է 5 զաւակ, 9 թոռ եւ 11 ծոռ։