image

Կիւլպէնկեան հիմնադրամը 170 Հազար ԱՄՆ տոլար յատկացուցած է Լիբանանի հայկական դպրոցներուն

Կիւլպէնկեան հիմնադրամը 170 Հազար ԱՄՆ տոլար յատկացուցած է Լիբանանի հայկական դպրոցներուն

Հաշուի առնելով Լիբանանի մէջ ստեղծուած աննախադէպ տնտեսական ճգնաժամը՝ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի հայկական բաժանմունքը 170 հազար ԱՄՆ տոլար յատկացուցած է Լիբանանի 18  հայկական դպրոցներուն:

Գումարին մէկ մասը պիտի յատկացուի Լիբանանի Թռչնոց բոյն հաստատութեան, ուր կը խնամուին յատուկ կարիք ունեցող հայ երեխաները: Այս մասին կը տեղեկանանք հիմնադրամէն:

Կիւլպէնկեան հիմնադրամն անցեալ տարի լիբանանահայ կեանքի զարգացմանն ուղղուած յատուկ ծրագիր մշակած էր, բայց ծրագրի իրագործումը, վերջին իրադարձութիւններու պատճառով, յետաձգուած է եւ այժմ առաջնային նկատուած է դպրոցներու կարիքները թեթեւցնելու համար գումար յատկացնելը:

Հիմնադրամի հայկական բաժանմունքի ղեկավար Ռազմիկ Փանոսեանը յայտարարած է, որ յատկացուած գումարը չի փոխարիներ Լիբանանի հետ կապուած իրենց ռազմավարական ծրագրին, այլ անյետաձգելի օգնութիւն է լիբանանահայ դպրոցին:

Տեղեկացանք նաեւ, որ փետրուարին նախատեսուած է Ռազմիկ Փանոսեանի այցը՝ Լիբանան: