image
Հրատապ լուրեր:

Իրանահայ երգիչը ի պատուի. Բրիտանական «The Guardian»-ի անդրադարձը Անտիի մասին

Իրանահայ երգիչը ի պատուի. Բրիտանական «The Guardian»-ի անդրադարձը  Անտիի մասին

Իրանահայ երգիչ Անտին իր աստղը պիտի ունենայ Հոլիուտի Փառքի ծառուղիին վրայ՝ դառնալով առաջին իրանցի արուեստագէտը, որ պիտի արժանանայ այդ պատուոյն: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնբրես»-ը՝ այս փաստը չէ վրիպած հեղինակաւոր «The Guardian» պարբերականի ուշադրութենէն, վերջինս անդրադարձած է երգիչին:

Պարբերականը նկատած է, որ Անտի Մատատեանը 22 տարեկանին գրեթէ ոչինչ ունենալով տեղափոխուած է Լոս Անճելըս եւ գումարի համար սկսած է կիթառ նուագել գիշերային ակումբի մէջ: Իսկ հիմա՝ 63-ին, միջազգայնօրէն ճանչցուած փոփ երգիչը կ'ըսէ, որ պատրաստ է «նոր սկիզբի» մը։

Ան նկատած է՝ շատեր կրնան մտածել՝ արդեօք 14 սկաւառակէն ետք նոր սկիզբ կ'ըլլա՞յ: «Բայց ինծի համար այն նոր է ... քանի որ շատ ամերիկացիներ դեռ կը բացայայտեն ինծի եւ իմ երաժշտութիւնը: Յոյսով եմ, որ այս հոլիուտեան աստղը կը բանայ նոր դռներ»,-ըսած է երգիչը:

Անտին նշած է՝ շատ դժուար է ըլլալ իրանցի- ամերիկացի արուեստագէտ: «Ես ինչ որ կը ստեղծեմ, կը ստեղծեմ իմ ժողովրդիս՝ իմ ամերիկացի, իրանցի եւ հայ ժողովրդի համար»,-ըսած է Անտին:

Պարբերականը նշած է՝ Մատատեանը մեծցած է Իրանի մայրաքաղաքէն 7000 մղոն հեռաւորութեան վրայ՝ հայերու հարեւանութեամբ գտնուող տան մէջ: «The Guardian»-ը ներկայացուցած է նաեւ երգիչի նախասիրութիւնները:

Ան մրցանակը պիտի ստանայ խումբ մը աշխարհահռչակ ամերիկացի երաժիշտներու հետ, որոնց շարքին են Էլվիս Քոսթելոն, Ալիշա Քիզը եւ 50 Cent-ը: