image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանի կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ

Ռուսաստանի կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ

Ռուսաստանի կառավարութիւնը հրաժարական տուած է Սահմանադրութեան 117-րդ յօդուածին համապատասխան: Այդ մասին հաղորդած են ռուսական ԶԼՄ-ները:

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհակալութիւն յայտնած է Տմիթրի Մետվետեւի կառավարութեան՝  աշխատանքի համար:

«Կ'ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել այն ամէնուն համար, որ իրագործած ենք մեր համատեղ աշխատանքի այս փուլին, կ'ուզեմ գոհունակութիւնս յայտնել այն արդիւնքներու առթիւ, որոնք ձեռք բերուած են»,-ըսած Է նախագահը Կառավարութեան տան մէջ նախարարներու հետ կայացած հանդիպման:

«Ամէն ինչ չԷ, որ կրցանք ընել, բայց երբեք ամէն ինչ չի յաջողիր ամբողջ ծաւալով»,-ըսած է Փութինը:

Փութինը կառավարութեան հին կազմին յանձնարարած Է  պատշաճ կատարել պարտականութիւնները՝ մինչեւ նոր կառավարութեան նշանակումը, իսկ Տմիթրի Մետվետեւին առաջարկած Է Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալի պաշտօնը: