image

Թաշքենտի մէջ սպաննուած է յայտնի ձեւաւորող՝ Նարիման Գրիգորյանը

Թաշքենտի մէջ սպաննուած է յայտնի ձեւաւորող՝ Նարիման Գրիգորյանը

Թաշքենտի մէջ սպանուած է յայտնի ձեւաւորող Նարիման Գրիգորեանը, կը տեղեկացնէ Podrobno.uz-ը՝ յղում կատարելով ուժային կառոյցներու մօտ ունեցած աղբիւրին։

Զրուցակիցի խօսքով՝ սպանութիւնը, նախնական տուեալներով, տեղի ունեցած է 14 յունուարին, մայրաքաղաքի Եաշնապատի շրջանին մէջ։

Նարիման Գրիգորեանը ձեւաւորող է եւ պարուսոյց, երեկոյեան հագուստներու լաւագոյն ձեւաւորողի եւ այլ կոչումներու մրցանակակիր։ Մասնակցած է միջազգային ցուցադրութիւններու եւ Fashion Week-երու, ինչպէս նաեւ մրցոյթներու եւ փառատօներու։

Թուրքիոյ Պոտրում քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Art dress մրցոյթի մրցանակակիր էր, ունէր խանութներու ցանց Թաշքենտի մէջ։ 2018-ին բացած էր «Օթ կութիւր» հարսանեկան հագուստներու եւ «bride by NG» սրահներ։