image

Սէյնթ Փեթերսպըրկի մէջ հայ հիւանդ մը ծեծի ենթարկուած է

Սէյնթ Փեթերսպըրկի մէջ հայ հիւանդ մը ծեծի ենթարկուած է

Սէյնթ Փեթերսպըրկի տարեց բնակիչը՝ հայազգի Ժորա Միրզոյեանը, յայտնած է, որ հիւանդանոց տեղափոխուելու ճանապարհին շտապօգնութեան բժիշկն իրեն ծեծի ենթարկած է, որուն հետեւանքով Միրզոյեանը շտապօգնութեան մէկ այլ մեքենայով տեղափոխած են վնասուածքաբանութեան բաժանմունք: Այս մասին կը յայտնէ Lenta.ru-ն:

76-ամեայ Ժորա Միրզոյեանի կինը պատմած է, որ ամուսինը նախապէս սրտի կաթուած ստացած է եւ առիթմիա ունէր: 9 Յունուարի առաւօտեան անոր ինքնազգացողութիւնը յանկարծակի վատացած է, ճնշումը հասած է 190-ի, սկսած է շնչահեղձ ըլլալ: Անոնք շտապօգնութիւն կանչած են: Ժամանած բժիշկներուն ամուսինները յայտնած են, որ կ'երթան միայն պատերազմի վեթերաններու հիւանդանոց:

«Մենք պայմանաւորուեցանք, մեզի ըսին, որ այնտեղ մեզ կը սպասեն: Թաքսիով չէինք կրնար երթալ, քանի որ ամուսինս կրնար կտրուկ վատանալ ճանապարհին»,- պատմած է կինը:

Ան ըսած է՝ բժիշկներն ամուսինին բուժօգնութիւն չեն ցուցաբերած, սակայն հրաւիրած են նստելու մեքենան: Երբ ճանապարհին վարորդը այլ ուղղութեամբ ընթացած է` ուղեւորուելով այլ հիւանդանոց, հիւանդը զայրացած է եւ սկսած է հարուածել պատուհանին: Մեքենան կանգ առած է, բժիշկ Պոնտարեւը դուրս եկած է մեքենայի առաջամասէն, հետաքրքրուած, թէ ինչ կը պատահի: Հիւանդի պահանջին, որ իրեն տեղափոխել իր նշած հիւանդանոցը, բժիշկը կտրուկ արձագանգած է.

«Ուր ուզեմ, այնտեղ ալ կը տանիմ»:

Հիւանդը փորձած է դուրս գալ մեքենայի սրահէն, սակայն բժիշկը փորձած է անոր ուժով պահել:

«Ան ամուսինիս կոկորդէն բռնեց, փակեց բերանը եւ սկսաւ խեղդել: Ես սկսայ գոռալ: Բժիշկը հարուածեց ամուսինիս քթին, սկսաւ արիւն գալ: Ես կ'ուզէի անոնց միջեւ կանգնիլ, սակայն բուժքոյրը ինծի հրեց եւ ձեռքերս մէջքիս ետեւ պահեց»,- պատմած է Միրզոյեանի կինը:

Բուժքոյրը փորձած է կանգնեցնել Միրզոյեանի  քիթի արիւնահոսութիւնը, որմէ ետք անոնց բաց թողած են: Տարեց ամուսինները դիմած են ոստիկանութիւն, ուրկէ անոնց տեղափոխած են վնասուածքաբանութեան բաժանմունք: Այնտեղ ալ տարեց տղամարդուն հետազօտած են եւ քիթին կարեր դրած: