image

«Արդարութիւնը յաղթանակեց» Սեւակ Պալըքճիի հարցով Փայլանը գրառում կատարած է

«Արդարութիւնը յաղթանակեց» Սեւակ Պալըքճիի հարցով Փայլանը գրառում կատարած  է

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանն անդրադարձած է 24 ապրիլ 2011-ին Թուրքիոյ զօրամասերէն մէկուն մէջ ծառայակիցի կողմէ սպանուած հայ զինուորի գործով դատավճիռին։

Կարօ Փայլանը գրած է.  «Հայոց ցեղասպանութեան 96–րդ տարելիցին Սեւակը սպանուեցաւ ազգայնականութեան հողի վրայ։ Արդարութեան համար 8 տարուան պայքարի շնորհիւ մարդասպանն այսօր  դատապարտուեցաւ 16 տարի 8 ամիս ազատազրկման։  Սեւակին սպանողը պատիժ ստացաւ, բայց Սեւակին սպանութեան դրդող մթնոլորտը կը շարունակուի»։

Դատարանին մէջ Քուանչ Աղաօղլուն կալանաւորուած է։

Աւելի վաղ, ռազմական դատարանը Քուանչ Աղաօղլուն դատապարտած էր ընդամէնը 4 տարի ազատազրկման եւ ազատ արձակած դահլիճէն։

Սեւակի ծնողներու բողոքներէն ետք գործը տեղափոխուած է քաղաքացիական դատարան եւ նոր քննութիւն սկսած։