image

Մեր մօտ ամէն տեղ 1915-ի մթնոլորտն է. Թուրք իրաւապաշտպանը դատապարտած է ասորի հոգեւորականի ձերբակալումը

Մեր մօտ ամէն տեղ 1915-ի մթնոլորտն է. Թուրք իրաւապաշտպանը  դատապարտած է ասորի հոգեւորականի ձերբակալումը

Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան Էրէն Քեսքին դատապարտած է Մարտինի ասորական Մար Եաքուպ եկեղեցւոյ քահանայ Սեֆեր Պոլիչերի կանալանաւորումը։

Էրէն Քեսքին Twitter–ի իր էջին գրած է.  «Կալանաւորուած ասորի հոգեւորականը Մարտինի մէջ մնացած շատ քիչ թիւով ասորիներէն մէկն է։ Ան մեծ ճնշումներու տակ էր։ Քանի որ կ'ուզեն անոնց վռնտել։ 1915–ի ոգին ամէն տեղ է»։